Կիրակի, 27 Ապրիլի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Հայեացք Եւ Կեցուածք Ունեցող Գլխագիր Մարդը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի 88ամեակին նուիրուած ԶԱՐԹՕՆՔ-ի Յատուկ Թիւէն

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Գասպար Տէրտէրեանի նման «հայեացք» եւ «կեցուածք» ունեցող իրաւ

մտաւորականի մը մասին դիւրին չէ վկայութիւն տալ։

Բարեբախտութիւն մըն էր տարագիր հայութեան «ծոց»ին մէջ ունենալ Մեթր

Գասպար Տէրտէրեանի նման լուսաւորող ներկայութիւն մը, երբ ամէն օր, ամէն

առթիւ, մի քիչ աւելի ցայտուն կը դառնայ սփիւռքահայ տխուր իրականութիւնը։

Անփառունակ կացութիւն մը, ուր անիմաստ դարձած է հարցադրումը, թէ սնանկացումի ո՜ր աստիճանին հասած է հաւաքական անգոյ քաղաքականութիւնը, ազգային գիտակցութիւնը, մշակոյթը, գրականութիւնը, նաեւ կրթական համակարգը։     

Իր ամբողջ իմացական կեանքը եւ հրապարակային գործունէութիւնը հայոց

պատմական եւ քաղաքական իրաւունքներու տիրացման եւ սփիւռքահայերու

իրաւական հարցերուն նուիրաբերած, կեցուածք, ջիղ ու տեսլական ունեցող իրաւ

մարդուն եւ մտաւորականին արժէ յարգանքի նուազագոյն տուրքը վճարել,

հատորներու մէջ հաւաքելով Գասպար Տէրտէրեան, թէ՝ Ժըպրան Խուրի, Ոզնի

Թոնտրակի, Դաւիթի Կապարճակիրը անուն-գրչանուններով գրած յօդուածները,

ինչպէս նաեւ հրատարակելով հայերէն թէ արաբերէն լեզուներով լրացուցած անտիպ հեղինակութիւնները, եւ մանաւանդ՝ իր քաղաքական եզրաբանութիւններու գրեթէ աւարտուն բառարանը։

Գասպար Տէրտէրեան մտաւորականի վաստակին համազգային եւ համամարդկային արժեւորումը հարկ է կատարել ազգովին, ուսումնասիրելով եւ արժեւորելով ազգային, գաղափարական, քաղաքատնտեսական, իրաւական, եւ՝ անխուսափելիօրէն մարքսեան տիալեկտիկային ենթահողի վրայ հիմնաւորուած իր տեսութիւնները։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img