Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի 88ամեակին նուիրուած ԶԱՐԹՕՆՔ-ի Յատուկ Թիւէն
ԶՕՐ. ՆԱՐԵԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Մարդկային , բարոյական, հայրենասիրական, գրական օրինակելի արժէքային
համակարգերու եւ սկզբունքային կեցուածքներու անխոնջ պայքարողներէն
մէկն էր Մեթր Գասպար Տէրտէրեան։ Արդարութիւն պահանջող
եզակի ռահվիրայ մը։
Հակառակ աշխարհաքաղաքական իրավիճակներու
փոփոխութիւններուն, ան հաւատարիմ մնաց իր սկզբունքներուն։ Մինչեւ իր
կեանքի վերջին օրերուն, ան մնաց կեղեքուած դասակարգի պաշտպանութեան
պատնէշին վրայ։
Հողը թեթեւ գայ վրադ, հայորդի՛։