Մինչ Լիբանան կ՛ապրի ընկերատնտեսական ահաւոր տագնապ, որ վառելանիւթի սակի ահաւոր աճէն ետք երէկ արտացոլաց նաեւ ինթըրնէթի ժամերով անջատումով:
Այս բանին զուգահեռ, վտանգաւոր երեւոյթ մը պատահեցաւ Պէյրութի «Գիրքի Միջազգային Ցուցահանդէս»ի սրահին մէջ, երբ երիտասարդներ փորձեցին բողոքել այնտեղ յայտնուած Իրանի զինուորական առաջնորդ՝ Քասէմ Սուլէյմանիի հսկայական նկարի պարզումին ի տես: Այս բողոքին հակադարձեցին այնտեղ գտնուող՝ Իրանի համախոհ երիտասարդներ, որ տեղւոյն վրայ կռիւի մը առիթը տուաւ:
Այս բոլորը, մինչ պետութիւնը զբաղած է ընտրութիւններ կազմակերպելով, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ Մայիսին: