8 Մարտը Կանանց միջազգային օրն է. օր, երբ գեղեցիկ սեռի ներկայացուցիչները, աւանդութեան համաձայն, տղամարդկանց կողմէն կը ստանան յատուկ ուշադրութիւն, ծաղիկներ ու նուէրներ:
Կարեւոր է սակայն, նշել, որ կանանց օրը պատմութեան մէջ նշուած է այլ նշանակութեամբ:
8 Մարտը տօնուած է յեղափոխական կանանց փառաբանելու համար: Այդ օրը այն կանանց տօնն էր, որոնք կը ձգտէին տղամարդոց հետ հաւասար իրաւունքներ ունենալ:
Առաջին անգամ Կանանց միջազգային օրը կազմակերպուած տօնուած է 1911ին Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Շուէտի եւ Դանիոյ մէջ:
Ժամանակի ընթացքին տօնին քաղաքական մասը մոռցուած է եւ մնացած է միայն անհրաժեշտութիւնը` գարնան պատուել կանանց` իրենց գեղեցկութեան, քնքշութեան եւ անսահման սիրելու ունակութեան համար:
Բոլոր ժամանակներուն ազգերու շատերուն մօտ կինը համարուած է «հրաշք եւ ընծայ», «կեանքի եւ երջանկութեան խորհրդանիշ», եւ գրեթէ բոլոր ազգային օրացոյցներուն մէջ կայ կանանց նուիրուած օր: