Երկուշաբթի, 28 Ապրիլի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Քուէատուփերու Պարունակութիւնն է Միայն, որ Պիտի Սահմանէ Ժողովուրդին Իսկական Կամքը. ԵՂԷ՛Ք ՁԵՐ ՔՈՒԷԻՆ ՏԷՐԸ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ


Ընտրապայքարի վերջին օրն է այսօր: Կիրակի Մայիսի 15ին կը կայանան Լիբանանի խորհրդարանական վճռորոշ ընտրութիւնները:

Կիրակի օր՝ քուէատուփերու պարունակութիւնն է միայն, որ պիտի սահմանէ ժողովուրդին իսկական կամքը, իր ներկայացուցիչները ընտրելու գործընթացին մէջ:
Անցնող շաբաթներու ընտրապայքարին ընթացքին, մինչ ուրիշներ իրենց հոգեկան խռովքն ու վախերը մատնող պահուածքով զբաղեցան իրենց մրցակիցներուն դէմ վատոգի ցեխարձակումներ ընելով, մենք՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի ղեկավարութիւնս, մեզի վայել պահուածքով՝ նախընտրեցինք ընտրապայքարի մը հետ առնչուելու ազնիւ եւ քաղաքակիրթ ոճը որդեգրել:

Մենք փոխանակ իյնալու մրցակիցներ վարկաբեկելու յորձանուտին մէջ, փորձեցինք ցոյց տալ մեր զօրակցած թեկնածուներուն արժանիքները եւ խորհրդարանին մէջ մեր ներկայացուցիչները ըլլալու իրենց արժանաւորութիւնը:

Մինչ ոմանց նախընտրական ճառերէն թոյն, մաղձ եւ ոխ կը ժայթքէր, մենք լուռ աշխատեցանք մեր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ:

Մենք մեր ժողովուրդին կարիքաւոր դասակարգը չօգտագործեցինք «ընտրական ընթրիքներ» կազմակերպելով, ոչ ալ Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամին բերմամբ, զուտ ազգային ու մարդկային նկատառումներով մեր ցրուած նպաստները, շահագործեցինք ընտրական նպատակներով:

Մենք մեր ժողովուրդին խելքն ու յիշողութիւնը չծաղրեցինք, ո՛չ ալ մարդկային բնազդներ լարող եւ իրար դէմ դիրքորոշող ճառեր խօսեցանք:

Մենք մեր ընտրական յայտարարութիւններն ու խօսքերը «չհամեմեցինք» Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը յիշեցնող արհեստածին կամ ճշմարտանման դրուագներով, կամ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առնչուած՝ ընտրական գործողութեան հետ անկապ սակայն զգացական յուշումներ ընելով մեզ լսողներուն:
Մենք մեր եկեղեցին ու հոգեւոր հայրերը չմխրճեցինք ընտրական հատուածապաշտ եւ ժամանակաւոր պայքարի մը մէջ:

Մենք արտերկիր բնակող մեր հայրենակիցներուն լիբանանեան Հայրենիքին հանդէպ ունեցած կարօտը չշահագործեցինք օդանաւային տոմսերու տեսքով՝ ընտրակաշառք բաժնելով:

Հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ եւ նաեւ բարձրաճակատ ըլլալով Լիբանանի փտած իշխանութեան մեր մաս կազմած չըլլալու փաստին վրայ, ընտրապայքարը կ՛եզրափակենք հետեւեալով.

Հոգեհարազատ լիբանանահայեր,

Արժանապատուութեամբ եւ կուռ շարքերով մասնակցեցէ՛ք Կիրակի օրուայ ընտրական գործընթացին: ԱԶԱՏ ԿԱՄՔՈՎ ձեր քուէները տուէք անոնց, որոնց ԴՈՒՔ արժանի կը գտնէք Ձեզի ներկայացնելու լիբանանեան մեր հայրենիքին խորհրդարանին մէջ:

Ընտրեցէ՛ք այնպիսի անձնաւորութիւններ, որոնք հնարաւորութիւնն ու կամքը ունին պայքարելու Լիբանանի պետական համակարգի փտածութեան դէմ եւ ո՛չ թէ մասնակից էին մեր երկրին թալանին ու պատասխանատուները անոր սնանկացման:

Մի ընտրէք այն մարդկանց, որոնք այսօրուայ ու ձեր նեղ կացութեան ու մեր եւ ձեր զաւակներուն արտագաղթին հիմնական պատճառներն են:

Մի հաւատաք մեր կուսակցութեան անունը շահագործող կամ հանգամանքներ կեղծող, սակայն այլ հայկական կուսակցութեան մը ծառայութեան մէջ յայտնուած հերձուածին: Նման հերձուածներ միշտ ճակատագրուած են ձախողելու: Անոնք դատապարտուած են դաւաճանի ու ՌԱԿ-ը պառակտողի խառանը յաւերժ կրելու մեր կուսակցութեան պատմութեան մէջ:

Մի վախնաք սուտ ու պատիր սպառնալիքներէ ու առասպելի կարգ անցած տերորէ: Ձեզի կը վստահեցնենք, որ քուէատուփի վարագոյրին ետին, ո՛չ մէկը պիտի իմանայ ձեր տուած քուէաթուղթին պարունակութիւնը, ո՛վ եւ քանի՛ հոգի ալ ըլլան ձեզի դէպի քուէատուփ առաջնորդողները:

Արտերկրէն եկողներուդ, թող ո՛չ ոք սպառնայ, թէ ձեր վերադարձի տոմսը պիտի չեղարկուի եթէ զայն հայթայթողին քմայքով չքուէարկէք: Չհաւատաք նման անհիմն շանթաժներու:

Ձեր ընտանիքները պահելու ձեր ունեցած հասկնալի կարիքը թող ո՛չ ոք օգտագործէ ձեր արժանապատուութիւնը համարուող ձայնը գնելով: Գանձեցէ՛ք այդ ողորմելիներէն եւ իրենց դէմ քուէարկեցէ՛ք: Միշտ յիշեցէ՛ք, որ ձեզի վճարուած գումարը ամէն պարագայի ձեզմէ գողցուածն է:

Միասին մտածենք նաեւ, թէ ինչո՞ւ համար են այս մեծագումար ընտրակաշառքները, եթէ փոխարէնը անոնք ախորժակն ու յաւակնութիւնը չունին պաշտօնի գալով, ձեզմէ՝ մեր երկրէն դարձեալ գողնալու իրենց ծախսածին հազարապատիկը:

Ազնիւ քաղաքացիի մը իրաւունքներուն ու պարտականութիւններուն գիտակից՝ պատկան մարմիններուն տեղեկացուցէ՛ք ընտրական օրէնքի իւրաքանչիւր խախտումի մասին:

Վերջապէս յիշեցէ՛ք, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնս անշահախնդիր կերպով մեր ժողովուրդին կողքին է: Այս առիթով կազմուած եւ Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնի, Պուրճ Համուտի ՌԱԿ Պայքար եւ Զահլէի ՌԱԿ Ազատ Լեռ ակումբներուն մէջ հաստատուած մեր շտաբը, պատրաստ է իրաւական խորհուրդներով եւ գործնական միջամտութեամբ օգտակար հանդիսանալու ճնշումի ենթարկուող իւրաքանչիւր հայորդիի:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
13 Մայիս 2022

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img