Այսօրուայ մեր սիւնակով ժամադրուած էինք քննարկելու ու վերլուծելու 2022-ի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները, սակայն մարդասիրական հարց մը կայ, որ ինքզինք պարտադրեց, որուն մասին ամէն պարագայի կարելի չէր լուռ անցնիլ:
Դիպուածով իմացանք, որ 30.01.1943-ի ծնունդ` 80ամեայ Ժան Պէրպէրեան անունով տարեց հայորդի մը փողոցը (Նահրի շրջանին մէջ գտնուող Bible Book Shop-ի կողքին փողոցին մէկ անկիւնը կը գիշերէ կացարանէ զրկուած ըլլալուն պատճառով: Սոյն հայորդին երկար տարիներ բնակած է Նահրի երկաթէ կամուրջին կից, Հայ Աւետարանական Հոգեւոր Եղբայրութեան Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գտնուող, նոյն եկեղեցիին պատկանող բնակարանին մէջ: Բնակարան, որ ըստ իրեն, տարիներ առաջ իրեն տրամադրուած էր այժմ հանգուցեալ Վեր. Տոքթ. Չօրպաճեանին կարգադրութեամբ, ցկեանս այնտեղ բնակելու խոստումով:
Վերջերս եկեղեցիին պատասխանատուները նշեալ բնակարանը եկեղեցիին հասոյթ ապահովելու մտահոգութեամբ նախընտրած էին վերցնել Պրն. Պէրպէրեանէն եւ վերանորոգելէ ետք վարձու տրուելու տրամադրել:
Գիշերով կապուեցանք եկեղեցիին պատասխանատուներէն Պրն. Արի Գազանճեանին հետ, նախ առարկայականօրէն լուսաբանուելու ապա անյապաղ կարգադրութիւն մը ընելու միտքով:
Պրն. Գազանճեան ազնուօրէն բացատրեց իրադարձութիւնը, իր կողմէ շեշտելով, որ եկեղեցին զինք փողոց նետած չէ, այլ առաջին իսկ օրէն փորձած է Պրն. Պէրպէրեանը տեղաւորել Ազգային ծերանոց: Դժբախտաբար Պրն. Պէրպէրեան չէ համակերպած ծերանոցին պայմաններուն եւ օրէնքներուն հետ եւ ինքնակամ դուրս եկած է այնտեղէն:
Իմացանք, որ աւելի ուշ ան տեղափոխուած է տեղական մարդասիրական այլ հաստատութեան մը յարկին տակ, ուր եւս խնդիրներ յառաջացած են, որուն պատճառով Պրն. Պէրպէրեան դարձեալ յայտնուած է փողոցը:
Անկախ ամէն հանգամանքէ, հայորդիի մը սոյն վիճակը, ոչ թէ միայն ցաւ կը պատճառէ մեզ, այլ պատասխանատուութեան առջեւ կը դնէ բոլորս՝ անխտիր:
Կարելի չէ, հայորդի մը իր կեանքի մայրամուտին, այս վիճակին մէջ յայտնուի, մանաւանդ նշեալ անձին պարագային, որ ըստ շատերուն վկայութեան ամբողջ կեանքը նուիրած է Հայ եկեղեցիին եւ կոկիկ արտաքինով ու կենցաղով Աւետարան տարածած է իր շրջապատին մէջ: Անմիջապէս նշենք, որ Պրն. Պէրպէրեան ամուսնացած չէ եւ իրեն ապաւէն ընտանիք չունի:
Ամէն բանէ վեր Պրն. Պէրպէրեան մարդ է եւ իր մարդկային իրաւունքն է արժանապատիւ կեանք ունենալ: Իր տարիքին եւ կեանքի դառն փորձին պատճառով վերաբերմունքի խնդիրներ կրնայ ըլլալ որ ունի: Հաւանաբար այս պատճառով իր փոխադրուած վայրերուն չէ կարողացած ընտելանալ: Այս բանին համար կարելի չէ զինք մեղադրել: Արհեստավարժ միջամտութիւն է պէտք նոր պայմաններու ընտելացումի պատրաստելու համար զինք:
Սոյն միջամտութիւնը ակնկալելի է նման պարագաներ պատսպարող ազգային մեր հաստատութիւններէն, որոնք պէտք է ունենան (եթէ չունին) համապատասխան ընկերային ծառայողներ եւ հոգեբաններ զբաղելու համար խնդրոյ առարկայ անձերու ընտելացումի եւ հոգեկան խնդիրներուն հետ:
Մինչ այդ սակայն Պրն. Ժան Պէրպէրեանը այսօր իսկ ամէն գնով պէտք է պատսպարուի:
Սոյն մարդասիրական բանը ակնկալելի է, նախ իր եղբայրակիցներէն, որոնք եկեղեցի կը յաճախէն ենթադրաբար իրենց հոգիներուն փրկութեան համար: Եսակեդրոն կեղծիք կրնան ըլլալ իրենց աղօթքները առ Աստուած, եթէ գործնականին մէջ առաջինը՝ չհասնին իրենց հաւատակից եղբօր օգնութեան:
Եթէ Պրն. Ժան Պէրպէրեանը ֆիզիքապէս առողջ եւ ինքնաբաւ է, ապա Հայ Աւետարանական Հոգեւոր Եղբայրութեան Եկեղեցիին պատասխանատուներէն կ՛ակնկալենք վերատեսութեան ենթարկել եկեղեցուոյ բնակարանին հարցով առած իրենց որոշումը: Նամանաւանդ յարգելով հանգուցեալ Տոքթ. Չօրպաճեանին յիշատակն ու ատենին ըրած կարգադրութիւնը:
Նոյն ժամանակ մենք կոչ կ՛ուղղենք լիբանանահայ համայնքի այլ հաստատութիւններուն, ՀԲԸՄ-ին, ՀԿԲՄ-ին, Հայ Ազգային Ծերանոցի Տնօրէնութեան, Ճինիշեան Հաստատութեան, Հայ Ազգային (Ազունիէ) բուժարանին, հայ երեք յարանուանութիւններու առնչուած պատկան վարչութիւններուն, բարեսէր ազգայիններուն, որ այս գիշեր իսկ Պրն. Պէրպէրեանը փողոցէն փոխադրուի արժանապատիւ տեղ: Չեմ գիտէր եթէ տեղին է Լիբանանի Ընկերային հարցերու նախարարութեան միջոցաւ յիշեցնել Լիբանանի պետութեան, որ Պրն. Ժան Պէրպէրեանը լիբանանի լիարժէք քաղաքացի է:
Աւարտին կ՛ուզենք յուշել նաեւ Պէյրութի ընտրաշրջանին մէջ ընտրուած այն Հայ երեսփոխանին կամ անոր ետին կանգնած կողմին, որ ինչպէս 15 օր առաջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու օրը անձագրային թիւ 74 գրանցումը կրող նշեալ հայորդին «առաջնորդած» են Պէյրութի Նաւահանգիստի շրջանի քուէատուփ, որպէսզի իր ձայնը ստանան, հիմա ալ բարի ըլլան անմիջապէս զինք պատսպարելու ազգային եւ մարդկային գործին ձեռնարկել:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ