Շաբաթ, 5 Հոկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Ռ.Ա.Կ.ի Միասնականութեան Վերահաստատման Երկրորդ Կոչը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Ներածական

Անցեալ Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին Ռ.Ա.Կ.-ի խումբ մը նախկին ղեկավարներ ի մի գալով հրապարակած էին Կուսակցութեան միասնականութեան վերահաստատման կոչ մը: Այդ կոչը գտաւ իր դրական արձագանգները, եւ հետզհետէ բազմացող մասնակիցներով կայացան հերթական խորհրդակցութիւններ:
Նոյնպէս, տարբեր շրջանակներու խմբաւորումներէն եւ անհատ կուսակցականներէն ստացուեցան զօրակցութեան պատգամներ, որոնք կը շարունակուին հաստատելու համար շարժումին դրական ընթացքը:


Ըսել թէ հարթուած են բոլոր տարակարծութիւնները անցեալի հակառակորդներուն միջեւ՝ պիտի չհամապատասխանէ իրականութեան: Սակայն փաստը այն է որ բոլոր մասնակիցները սրտցաւօրէն կ’անդրադառնան կուսակցութեան ներկայ ողբալի վիճակին, մանաւանդ այս պահուն երբ Սփիւռքը կը դիմագրաւէ լուրջ հարցեր եւ Արցախ — Հայաստան կը գտնուին օրհասական ու ճակատագրական իրականութեանց դիմաց, մինչ մեր Կուսակցութիւնը կը մնայ անզօր՝ անդամալուծուած վիճակի մէջ:
Հայրենիքի ճակատագիրը այս պահուն կարիքն ունի բոլոր գործօն քաղաքական ոյժերուն՝ պայմանաւ որ այդ ոյժերը միասնական ըլլան ներքին կարգով:
Մեր շարժումին մասնակիցները վստահ են ամէն գնով հասնիլ հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին կարիքներուն եւ կը յուսանք որ այդ վճռակամութիւնը պիտի հանդիսանայ միարար ոյժ բոլոր մասնակիցներուն համար:

Վերջապէս Ռ.Ա.Կ.-ի Մամուլը Միասնական Է


Զուգահեռաբար միասնութեան նախաձեռնութեան ժողովներուն՝ կանոնաւորաբար կը կայացուին նաեւ Ռ.Ա.Կ.-ն մամուլի օրկաններու ժողովները. համադրելու համար անոնց քաղաքական վարքագիծերը: Ուրախ ենք յայտնելու որ մեր մամուլի օրկաններուն բացարձակ մեծամասնութիւնը («Ազգ», «Ապագայ», «Արեւ», «Նոր Աշխարհ», «Պայքար», «Սարտարապատ», «Զարթօնք», «The Armenian Mirror-Spectator») միացած է այս շարժումին, որ կը հայթայթէ ոչ միայն տեղեկութիւններ, այլ նաեւ վերլուծական աշխատանք:
Այսօր մեր մամուլը, թէ՝ հայրենիքի եւ թէ՝ սփիւռքի մէջ գրաւած է յառաջապահ դիրք մը, ոչ միայն բովանդակութեան առումով այլ նաեւ արտադրութեան արդիական մեթոտներով :
Մեր ստացած արձագանգներէն կրնանք վստահօրէն վկայել որ մեր մամուլի առաքելութիւնը վաղուց անցած է կուսակցական շարքերու սահմանը, իր առաջապահ դիրքով առաջնորդութիւն ընծայելով համազգային ծաւալով:

Խորհրդակցական Հեռահար (Zoom) Ընդլայնուած Ժողով
Բոլոր անոնք որ զօրակցութեան պատգամներով միացած են շարժումին եւ համաձայն են միասնականութեան ձգտող անոր ոգիին հետ՝ պիտի ստանան հրաւէր մասնակցելու հեռահար (Zoom) խորհրդակցական ժողովի մը, որուն թուականը պիտի ըլլայ Շաբաթ, 18 Յունիս 2022-ն: Նշեալ Խորհրդակացական ժողովէն պիտի բխի Միասնականութեան շարժումին ապագայ հանգրուանի ռազմավարութիւնը:


Այսօր մեր ժողովուրդին ու հայրենիքի տագնապալից վիճակը մեզի կը պարտադրէ առաւելագոյն խոհեմութեամբ համախմբուիլ միասնականութեան այս շարժումին շուրջ եւ դրապէս պատասխանել բովանդակ Հայ ժողովուրդին ու Հայոց հայրենիքին կարիքներու կոչին:

Ռ.Ա.Կ.-ի Միասնականութեան Նախաձեռնող Ղեկավարներու Խումբ

Յունիս 6, 2022

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img