Հինգշաբթի, 10 Հոկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Զուգադիպութի՞ւն Թէ Պայմանաւորուածութիւն

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Թշնամին նոյնիսկ չյարգելով 9 Նոյեմբեր 2020ին ստորագրուած հրադադարի համաձայնագիրը, Արցախի Քաշաթաղի շրջանին մէջ քանի մը օր առաջ նախայարձակ եղաւ հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Ռազմական գործողութիւններու արդիւնքով, դժբախտաբար դարձեալ ունեցանք մարդկային սուղ կորուստներ եւ վիրաւորներ:

Այս սադրիչ գործողութիւնները «զուգադիպեցան» Հայաստանի կառավարութեան որոշումին հետ, որն էր Արցախէն տարհանել Հայաստանի մէջ գրանցում ունեցող ժամկէտային բոլոր զինծառայողները: Հայաստանի բանակայիններուն տարհանումէն ճիշդ մէկ օր յետոյ Ազրպէյճանը իր յարձակումը գործեց այն դիրքերուն վրայ, ուր բնականաբար տեղեկայուած էին ՀՀ-էն մեծ թիւով զինուորներ, որոնք վերադարձած էին արդէն Հայաստան…:

Զուգադիպութի՞ւն էր այս, թէ պայմանաւորուածութիւն, իր պատկանելիութեամբ արդէն շատոնց անհասկնալի ու կասկածելի՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ թշնամիին միջեւ, պատմութիւնը անշուշտ օր մը պիտի բացայայտէ անշուշտ: Մինչ այդ սակայն, Արցախն ու իր քաջարի բնակչութիւնը իր անզիջող բանակով մէկտեղ այսօր ձգուած են իրենց ճակատագրին…:

Աւելին, մինչ հայաստանեան ուժային կառոյցներ դատարկած են Արցախի դիրքերը, Արցախի վրայ ազրպէյճանական յարձակման նոյն գիշերը մեծ թիւով ոստիկանական ուժեր բերուեցան Հայաստանի կառավարութեան շէնքին դիմաց, այնտեղի «հայը» պաշտպանելու հայերէն…:

Ի դէպ, ազրպէյճանական կողմը հրադադարը խախտած էր դարձեալ կիրառելով նռնականետեր եւ ԱԹՍ-ներ: Այսինքն, այն նոյն ռազմական թեքնոլոճին, որ կիրառեր էր 44օրեայ պատերազմին: Այդ պահուն հակադարձելու համար եթէ ամօթալի կերպով պատրաստ չէինք, ապա այսօր, եւ այդ չարաբաստիկ թուականէն երկու տարի անց պատրաստ չըլլալը, ոչ միայն ամօթալի է եւ անընդունելի, այլ նաեւ նման անպատրաստուածութիւն ուղղակի մեղսակցութիւն է թշնամի բանակին հետ…:

Իբր թէ արբանեակներ արձակող Հայաստանը (որուն մասին ամպագոռգոռ յայտարարութիւններ եղած էին ամիսներ առաջ ընկերակցուած իշխանութեան փոփուլիստական պոշպողազութեամբ) ըստ ռազմական տրամաբանութեան, վերջին նախայարձակումին մասին արբանեակային համակարգով պէտք է ստանար ազրպէյճանական դիրքերուն եւ օդը բարձրացուած պայրաքտարներուն մասին կարեւոր տեղեկութիւններ, որոնցմով ալ հայկական Հակաօդային Պաշտպանութեան (ՀՕՊ) զէնքերու համակարգով պիտի կարողանար առանց մեծ ճիգի ոչնչացնել թշնամիին այդ կրակակէտերը, եւ խնայել մեր լոյս տղաներուն անտեղի կորուստը:։
Այստեղ հարցումը հետեւեալն է. ի՞նչ կ՛ընեն հայկական թէական արբանեակները տիեզերքին մէջ։ Որո՞ւն կը ծառայէն, ինչո՞վ զբաղած են, եթէ բանով մը զբաղած են իհարկէ:

Վերի նկարը, վերջերս ազրպէյճանական ընկերային ցանցերուն վրայ շրջանառուող ազրպէյճանական զինուորական համազգեստի թեւանկարի (patch), նմոյշ մըն է, որուն վրայ պատկերուած է Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն՝ Էնվեր փաշան, ընկերակցուած հայ ժողովուրդը վարկաբեկող տողով մը: Արդարեւ, ան լաւագոյն օրինակն է Հայաստանի այսօրուայ անփառունակ իշխանութեան յայտարարած «Խաղաղութեան դարաշրջանի» հերթական «դրական ազդակ»-ին: Տուեալ իշխանութիւնը ամէն գնով որոշած է խաղաղութեան մասին խօսիլ անոնց հետ, որոնք եկած են ամէն գնով մեզի սպանելու…:

Եւ մինչ ըստ տարածուած՝ տակաւին չհաստատուած տուեալներու, Արցախի իշխանութիւնները Բերձորի եւ Աղաւնոյի բնակչութեան փոխանցեր են, որ մինչեւ Օգոստոսի 25-ը պէտք է լքեն իրենց տուները, քանդեն իրենց գերեզմաններն ու հարազատներու շիրիմները տեղափոխեն նոր բնակավայր, մեզի կը մնայ հասկնալ հետեւեալ ցաւալի իրականութիւնը.

Կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջան, ուր հայրենասէր հայը իր իսկ երկրին մէջ դարձած է ազգային փոքրամասնութիւն, մինչ ազգային արժէքները ոտնահարող ամբոխը իր իշխանութեամբ մէկտեղ, իրենց անհեթեթութեամբ, անհոգութեամբ, մեղսակից դաւաճանութեամբ, եւ ամէն ինչի վրայ թքած ունենալու հոգեվիճակով ու գործելաձեւով կ՛ապրին իրենց «ոսկեդարը»:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ Օրաթերթի
Գլխաւոր Խմբագիր

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img