Կիրակի, 27 Ապրիլի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Հայկազեան Համալսարանը Կը Յիշատակէ Իր Անուանակիրին՝ Արմենակ Հայկազեանի Նահատակութեան Հարիւրամեակը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ


7 Յուլիս 2021ին նահատակութեան 100ամեակն էր Հայկազեան Համալսարանի անուանակիրին՝ վեր. փրոֆ. Արմենակ Հայկազեանի (Հաճըն, 22 Սեպտ. 1870—Խարբերդ, 7 Յուլիս 1921):

New York Timesի կողմէ «Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն ականաւոր հայ մանկավարժը» նկատուած Արմենակ Հայկազեան ասպարէզով նաեւ աստուածաբան էր, մանկավարժ, գիտնական, լեզուաբան եւ երաժիշտ: Ան 1889ին՝ 19 տարեկանին կը ստանայ Պսակաւոր Արուեստից աստիճանը Այնթապի «Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճ»էն, իսկ 1898ին՝ 28 տարեկանին, Եէյլ Համալսարանէն կը ստանայ դոկտորականը:

Իր յիշատակը նշուեցաւ հետեւեալ ձեռնարկներով.-

— Կոմիտասի «Հով արէք» երգի կատարում ու սփռում (մենակատար սոփրանօ Լիաննա Միքայէլեան, կիթարի ընկերակցութիւն՝ Մկրտիչ Միքայէլեան): Կատարումին տեսերիզը զետեղուեցաւ Համալսարանի պաշտօնական կայքէջերուն վրայ.

— Արմենակ Հայկազեանի երախտաշատ կենսագործունէութեան պատումը եւ ժառանգը ներկայացուեցաւ լիբանանեան նուրսաթ հեռուստակայանին կողմէ.

— Ծաղիկներու զետեղման արարողութիւն եւ վայրկեան մը լռութեամբ յարգանք անոր յիշատակին՝ Համալսարանի բակին մէջ.

— Յատկանշական յուշահանդէս մը Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի Թանգարան Ինստիտուտի սրահին մէջ, ուր հիմնարկին տնօրէն Յարութիւն Մարութեանի բացման խօսքէն ետք Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան ներկայացուց կեանքն ու իրագործումները, աքսորն ու մահը վեր. դոկտ. Արմենակ Հայկազեանի: Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ ծաղիկներու զետեղումով եւ երգելով այն հոգեւոր երգը, զոր նահատակը երգած էր իր մահուան սնարին մէջ:

Յիշատակի այս ձեռնարկները արձագանգուեցան տեղական լիբանանեան, հայկական եւ արբանեակային զանգուածային հաղորդակցամիջոցներէն, եւ լայն լրատուութիւն կատարուեցաւ զանազան երկիրներու համայնքային եւ եկեղեցական միջավայրերուն մէջ:
Վեր. Արմենակ Հայկազեան ձերբակալուած էր 22 Մայիս 1921ին քեմալական ուժերու կողմէ: Աքսորի ընթացքին ան վարակուած էր բծաւոր տենդով (թայֆըս) եւ դարմանումի դիտումնաւոր ուշացումի պատճառով մահացած 7 Յուլիս 1921ին:
Տարիներ ետք՝ 1955ին, յարգելու համար յիշատակը ուշագրաւ այս Մեծ Մարդուն, իր աղջկան՝ Մէյրիին եւ փեսային՝ Աւագ (Սթիւըն) Մեհակեանի կատարած նուիրատուութեամբ եւ գործօն օժանդակութեամբ Ստեփան Փիլիպպոսեանի, Պէյրութի մէջ կը հիմնուի Հայկազեան Համալսարանը՝ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) կողմէ:

Նահատակ վեր. դոկտ. Արմենակ Հայկազեանի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ http://www.haigazian.edu.lb/about-haigazian/our-history-heritage/ կայքէջը:

Հայկազեան Համալսարան

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img