ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը եւ Հայաստանի ճատրակի Ակադեմիան սիրով կը հրաւիրեն մասնակցելու Ճատրակի համահայկական 2-րդ մրցաշարքին եւ ճամբարի փակման առցանց արարողութեան
Փակման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Օգոստոս14-ին,Երեւանի ժամով 21:00 –ին (GMT +4)
- Միացէ՛ք մեզի, հայ ճատրակորդներու եւ ախոյեաններու հետ հանդիպելու համար:
- Մասնակցեցէ՛ք տարբեր խաղերու եւ շահեցէ՛ք մրցանակներէն մէկը (Amazon նուէր-քարտեր):
- Հանդիպեցէ՛ք ՀԲԸՄ-էն եւ FIDE-էն եկած մեր հիւրերուն:
- Ծանօթացէ՛ք այս տարուան մրցաշարքի յաղթողներուն:
- Ճատրակասէրներու հետ հաճելի ժամանակ անցուցէ՛ք:
Ձեռնարկի zoom-ի յղումը կը գտնէք Ճատրակի համահայկական մրցաշարքի առցանց հարթակի մէջ: Միացէ՛ք կամ արձանագրուեցէ՛ք՝ www.avc-agbu.org/edu/AVC-PACT/index-en.html
Անցեալ տարուան յաջողութիւններէն ետք, 2-րդ մրցաշարքի կազմակերպիչները ծրագիրը հարստացուցին: Մէկ շաբթուան ճամբարի ընթացքին տեղի ունեցան վարպետաց դասեր եւ տարբեր խաղեր՝ Հայաստանի առաջատար ճատրակորդներու հետ։ Շուրջ 250 նոր մասնակից, 18 երկրէ, միացաւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ճատրակասէրներու համայնքին եւ մասնակցեցաւ Ճատրակի համահայկական 2-րդ մրցաշարքի ձեռնարկներուն:
Միասին նշենք աշխարհի ամէնէն հետաքրքրական խաղի տօնը:
Շաբաթ օրը բոլորդ սիրով կը սպասենք: