ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Վազքի մէջ ինչե՜ր կորան: Ոչ միայն արագութիւնն է կլանողը իրականութեան, այլ՝ նայուածքը, երբ աչքերը յառած են հեռու հորիզոնին, բնականաբար կ՛անտեսուի ոտքի մօտ եղած տունկը, կը տրորուի ու զայն տրորողը իր նպատակասլացութեան ջերմութեամբ ոգեւոր՝ աւելի հեռուն կը տեսնէ: Այսինքն՝ հեռուն աւելի՛ մօտ կ՛ապրի քան՝ անմիջական մօտը որ ունի իրեն յատուկ ջերմութիւն եւ գրաւչութիւն ու գուցէ աւելի՛ հեռուին համար ալ ան նոյն հեռուն է որ կը հետապնդուի…:
Շրջան մը մեր ընկերական խօսակցութեան մէջ «ծառի եւ անտառի» յարաբերութեան մասին կը խօսուէր: Ուրեմն կարեւորագոյնը ամբողջութիւնը տեսնելն է իր մանրամասնութիւններով, որպէսզի քննարկուի ու ի յայտ գայ նիւթին ամբողջական իրականութիւնը: Կարճ. ծառը եւ անտառը: Մօտը եւ հեռուն, եւ իրարմով կ՛ըլլան ՄԷԿ:
«Նորութիւն չկայ արեւուն տակ» կը կարդանք Ժողովողի գրքոյկէն: Անցնինք անցեալ.- Քանկ Ֆու Ցէ իր աշակերտներով կը պտըտէր քաղաքէ քաղաք, գիւղէ գիւղ, ուսուցանելու, իր հետ ունենալով իր հետեւորդները. կ՛ըսուի թիւով եօթանասուն: Ինչ եւ է: Խնդիրը ի հարկէ թիւին վրայ չէ այլ՝ շրջագայութեամբ ուսմունք, դաստիարակութիւն տարածելու իր ապրած միջավայրին մէջ: Զի որքան նոյնանման ըլլան մտածողութիւնները, այնքան կառավարելի կ՛ըլլան ի հարկէ ժողովուրդները…
Երկու հազար տարի առաջ ալ մեր Տէր Յիսուս իր աշակերտներով, զորս Ինք ընտրած էր, Հրէաստանի մէջ եւ շրջակայքը քարոզչութիւններ կ՛ընէր, բժշկութիւններ եւ այլ հանրoգուտ գործառնութիւն: Գլխաւորը սակայն ուսմունքն էր ի շահ ժողովուրդի մակարդակի բարձրացման: Ի հարկէ շատերու համար խորթ եւ բարդ ըլլալով չէին կրնար ընկալել տրուածը ամբողջութեամբ: Առ այդ, Ան տարբեր վայրերու մէջ գուցէ եւ որոշ ընտրեալներու բացատրութիւն կու տար Իր խօսածներուն մեկնութիւնը՝ որպէսզի հասկնալի ըլլայ: Մէկ ոչխարի առակով կրնանք եզրակացնել թէ որքա՜ն արժէք էր անհատ մը: Վերջապէս հաւաքականութիւն մը անհատներու խմբաւորումն է: Հուսկ՝ տեսնել, նկատի առնել, առ այդ գործել յանուն մակարդակի բարձրացման: Ա՛յդ է եղած Մեծերու առաքելութիւնը դարերէ ի վեր, մանաւանդ որ անոնք վախ չունին զիրենք գերադասելու կարողութեան մէջ եղողներէն…: Անոնց խօսքերը հասած են մեզի, որոնք տակաւին կը հրահրեն, կ՛առինքնեն ու նիւթ կը դառնան ներկայ իրավիճակէն անցնելու աւելի բարեկիրթ վիճակի:
Սակայն ի՞նչ է արդեօք փոխուեր խորքին մէջ մեր ապրած իրավիճակին: Ես տեսած չունիմ: Նոյն երէկը ամենօրեայ նոյն լուսինը պարտուած ու որբ: Երէկը կ՛ապրինք տակաւին որքան ալ նայինք հեռուն. Ի զուր: Հարկ կը զգանք նայելու հեռու հորիզոնին, անկէ յուսալով նշոյլ մը յառաջդիմութեան: Սակայն կը սպասենք: Յոյսը միշտ ալ եղած է վերջին հանգրուանը անկեալին:
Փոքր մէջբերում մը Սօս Սարգսեանէն.- «Սակայն քաղաքը քաղաքի էր նման իր մակարդակով, որոնք երբեք փոքրի վրայ ձեռք չէին բարձրացնի»(2009 ՄՈՆՈԼՈԳ ):